ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը։ Այս վերջինը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ՝ թաղային խորհուրդի թէ՛ կարգ մը այժմու անդամներուն եւ թէ՛ նոր թեկնածուներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Խումբին մաս կը կազմէին թէ՛ այժմու վարչայիններ եւ թէ՛ թեկնածուներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ՝ պոլսահայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Սոյն հաւաքը այս տարի նախաճաշի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր՝ Գուրուչէշմէի «Հուքքա» զբօսարանին մէջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծաղիկներ խոնարհեց շաբաթավերջի ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին առջեւ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս ընդունեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ենթակայ Ֆոքոլարէ շարժման անդամուհիները։ Սոյն խումբի անդամուհիներէն Տանիէլա Տեկասփերի յայտնեց, թէ Իսթանպուլէն պիտի բաժնուի, իբր այդ փափաքած է հրաժեշտ առնել Նորին Ամենապատուութենէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ պատահած ահաւոր պայթումին կապակցութեամբ երէկ ցաւակցականներ ուղարկեց պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերուն։
Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ անդրադարձաւ համայնքային ընտրութիւններուն:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ վրայ, որու համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։