ԵՈՒԼԻԱՆԱ ԷՐՏԷՄԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գալֆաեան Տան Է. դասարանի սաներէն Եուլիանա Էրտէմ վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ «Lions 118-T» համաշխարհային ակումբին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը մէջ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած է արժէքաւոր երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի:
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան վերաբերեալ գործընթացը կը շարունակէ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այժմու թաղային խորհուրդը կազմած է ինքնուրոյն ընտրական մարմին մը, որու գրեթէ բոլոր անդամները մեր համայնքէն դուրս դէմքեր են։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի ներկայացուցիչներէն մին՝ Իրմա Հատկալուրեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս յարգանքի եւ սիրոյ առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր Իրմա Հատկալուրեան, որ Գատըգիւղի ընտանիքի մօտաւոր անցեալի յայտնի դէմքերէն մին եղած էր։
Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս երէկ քուէատուփի մօտ փութաց 3 հազար 607 հոգի:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի, որուն կ՚ընկերանային Նուարդ Պարըն, Սիւզան Քըզըլքայա, Շիլա Մուրատօղլու-Պոշնաքեան եւ Սարվէն Սըրատաղ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի անդամները։
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ամանորի սեմին կազմակերպած է քէրմէս մը։ Սա աւանդական նախաձեռնութիւն մըն է ի նպաստ դպրոցին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէնը։