Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմն ու անդամուհի Պերրին Տայանը։ Հիւրերուն հետ էր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց երէց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-դեսպան Սքաթ Ուուտքիրքը, որուն կ՚ընկերանային Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ հիւպատոսարանի քաղաքական խորհրդատու Քեւըն Մոս։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան կազմակերպած միջլիսէական մարզական փառատօնի արձագանգները կը շարունակուին։ Դպրոցի երկարամեայ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանի յիշատակին կազմակերպուած այս մարզական փառատօնին մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէները՝ ֆութպոլի եւ ճատրակի կազմերով։

ՇԻՇԼԻԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՇԱՀԵՑԱՒ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԼԻԿԻՆ

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը վերջերս արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը։ Այսպէս, շիշլիցիները իրաւունք շահեցան մասնակցելու Թուրքիոյ ֆութսալի Ա. լիկի մրցակցութեան։

ԳՐՈՂ ԼԵՏԱ ՊՈՅԱՃԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՇԻՇԼԻԻ ԳԻՐՔԻ ՕՐԵՐՈՒՆ

Նշանթաշըի գեղարուեստի այգիին մէջ անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան տեղի ունեցան Շիշլիի գիրքի օրերը։ Այս ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ գրող Լետա Պոյաճը, որու գործերը միշտ համակրանքով կ՚ընկալուին ընթերցասէրներու կողմէ։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ «ՇՈՒՆՉ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ ձեռագործներու ցուցահանդէս մը։ «Կենաց ծառ» անուանումով միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած են յախճապակիի եւ կերպասի բանման աշխատանոցներ։

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄՈՒՏՔԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ

Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ շրջանառութեան մէջ դրաւ զեկոյց մը, որ ստեղծած է լայն արձագանգ։ Այս զեկոյցին բովանդակութիւնը կը վերաբերի Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի միջեւ յառաջացած խնդիրներուն։

ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ՀԱՅԿ ՆՇԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր վարժարանի բազմամեայ, անմոռանալի տնօրէններէն լուսահոգի Հայկ Նշանի յիշատակին։ Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան մրցումները, որոնց մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու խումբերը։

ԷՍԱԵԱՆՑԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ

Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ անցեալ շաբթուան մէջ այցելեցին Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքը, ուր մասնակցութիւն բերին աշխատանոցի մը, որ կազմակերպուած էր «Էրասմուս» ծրագրի շրջանակէն ներս։

Էջեր