ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԵՒ ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ
Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու մղումով սկսած պայքարը պատճառ դարձած է քաոսի մը՝ 25 դեկտեմբերի քուէարկութեան ընդառաջ:
Այժմու ղեկավարութեան հրահրած անարդար ընտրական համակարգը եւ ընդդիմադիր թեկնածուներու անիրատես գործելաոճը խոր անհանգստութիւն յառաջացուցած է համայնքի աչալուրջ շրջանակներէն ներս:
Ֆէրիգիւղի մէջ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած խորհրդակցութեան մթնոլորտը եկաւ ապացուցանել, որ այս փուլին անհրաժեշտ են՝ համախմբման ներուժով աւելի լուրջ այլընտրանքներ:
Վաղը երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ «33 ձայն Իսթանպուլէն» գրքին շնորհանդէսը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս երաժշտասէրներուն կը ներկայանայ նոր գործով մը, որ կը կոչուի «Կռունկ»։ Մարալ Այվազի նոր երգն ու տեսահոլովակը արդէն հասանելի են համացանցի վրայ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Թրքահայ համայնքէն աւելի քան 7 հազար հոգի երէկ Իսթանպուլի Բ. եւ Գ. ընտրաշրջաններէն ներս պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ փութաց քուէատուփի մօտ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Յիսնակի Բարեկենդանի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
4 թաղերէ ներս կայ մրցակցութիւն: Ֆէրիգիւղի պարագային կը տիրէ համախոհութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Հարկ է նշել, որ Սամաթիոյ պարագային նախկին թաղային խորհուրդի անդամներէն ոմանց եւ նոր դէմքերու համադրութեամբ ստեղծուած է թեկնածուներու ցանկ մը՝ գլխաւորութեամբ Նուրհան Տավուլճեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Ինչպէս ծանօթ է, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբը մեր համայնքէն ներս բացառիկ նշանակութիւն ունի իր նմաններու շարքին։