ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ ԵՒ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ ԱՄՈԼԸ ՔԱՂԱՔՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Վաղը երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ «33 ձայն Իսթանպուլէն» գրքին շնորհանդէսը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ:
Վաղը երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ «33 ձայն Իսթանպուլէն» գրքին շնորհանդէսը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս երաժշտասէրներուն կը ներկայանայ նոր գործով մը, որ կը կոչուի «Կռունկ»։ Մարալ Այվազի նոր երգն ու տեսահոլովակը արդէն հասանելի են համացանցի վրայ։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հաւաքական մկրտութեան խորհրդակատարութեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան՝ Հոգշ. Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան դիմատետրի իր էջին վրայ ունէր կարեւոր յիշեցում մը. «1918 թ. նոյեմբերի 19-ին իր մահկանացուն կնքեց ազգային-եկեղեցական նշանաւոր գործիչ Մաղաքիա արք. Օրմանեանը՝ աստուածաբան, հայագէտ, հասարակական գործիչ եւ եզակի հոգեւորական, որուն կեանքը համակ նուիրում էր Հայոց Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին։
Թրքահայ համայնքէն աւելի քան 7 հազար հոգի երէկ Իսթանպուլի Բ. եւ Գ. ընտրաշրջաններէն ներս պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ փութաց քուէատուփի մօտ:
10 եկեղեցւոյ համար 6 կէտի վրայ կատարուած ընտրութիւնով թաղային խորհուրդներու կազմերը վերանորոգուեցան՝ կանոնաւոր ու խաղաղ մթնոլորտով ընթացած քուէարկութեամբ: Ընտրական մարմինները օրինակելի ու համակարգուած աշխատանքով արժանացան համատարած գնահատանքի:
Ֆէրիգիւղի մէջ բազմամեայ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորած ցանկին գործի գլուխ գալը բոլորը կ՚ողջունեն ջերմօրէն: Բ. ընտրաշրջանի մրցակցութիւններէն յաջողութեամբ դուրս եկան Պէշիկթաշի կապոյտ եւ Ենիգիւղի նարնջագոյն խումբերը: Գ. ընտրաշրջանի մրցապայքարներուն մէջ առաւելութեան հասան Պաքըրգիւղի կապոյտ եւ Եշիլգիւղի սպիտակ ցուցակները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Յիսնակի Բարեկենդանի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
4 թաղերէ ներս կայ մրցակցութիւն: Ֆէրիգիւղի պարագային կը տիրէ համախոհութիւն:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը արդէն կը բնորոշուի համայնքային ընտրութիւններով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Հարկ է նշել, որ Սամաթիոյ պարագային նախկին թաղային խորհուրդի անդամներէն ոմանց եւ նոր դէմքերու համադրութեամբ ստեղծուած է թեկնածուներու ցանկ մը՝ գլխաւորութեամբ Նուրհան Տավուլճեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Ինչպէս ծանօթ է, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբը մեր համայնքէն ներս բացառիկ նշանակութիւն ունի իր նմաններու շարքին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն ներկայացուցած կապոյտ ցանկի անդամները։