«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Համայնքային շրջանակները երէկ Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։