ԱՇՆԱՆ՝ ԴԷՊԻ ԱՆԳԱՐԱ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ յառաջիկայ աշնան կը նախատեսէ այցելել կարգ մը նախարարութիւններ։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով ան յայտնեց, որ եթէ համայնքային հարցերու պարագային աշխարհական վարիչներու կողմէ պատրաստուին թղթածրարներ, ապա ինք պատրաստ է զանոնք պատկան իշխանութիւններուն ներկայացնելու։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութիւնը անցած է արդիւնաւէտ։ Թէ՛ Արեւմտեան եւ թէ Արեւելեան ափին նախկին պոլսահայերը ջերմօրէն ողջունած են զինքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը արմատական կանխատեսումներ ունի պոլսահայ կրթական կեանքի մասին. «Յառաջիկայ շրջանին վարժարաններու միացումը անխուսափելի պիտի դառնայ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը İtimat Bürosu-ի հարցի առկայ անորոշութեան մասին ըսաւ հետեւեալը. «Պատրիարքարանը յարմար չդատեց հետաքննել İtimat Bürosu-ի հարցը, որովհետեւ իրեն վերաբերեալ ծալքեր կային եւ իր կողմէ քննութիւն մը հաւաստի պիտի չըլլար։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համոզուած է, թէ համայնքային կեանքէն ներս ընտրեալներու կողմէ այլ ընտրեալներու հաշիւ հարցուիլը շատ աւելի դիւրին է։ Ան ընդգծեց, որ վերջնականօրէն յայտնի չէ, թէ մեր համայնքի աշխարհիկ գործերը որո՞ւ կողմէ կը ղեկավարուին։
«Կը նախատեսեմ յառաջիկայ գարնան այցելութիւններ տալ շարք մը նախարարութիւններ եւ եթէ համայնքային հարցերու պարագային աշխարհական վարիչներու կողմէ պատրաստուին թղթածրարներ, ապա ես պատրաստ եմ զանոնք ներկայացնելու պատկան իշխանութիւններուն»։
«Յառաջիկային դպրոցներու միացումը անխուսափելի է։ Գիտութիւնը չի ստեր։ Ժողովրդագրութիւնը գիտութիւն մըն է եւ ցոյց կու տայ մեր վիճակը»։
«Համայնքային կեանքէն ներս ընտրեալներու կողմէ այլ ընտրեալներու հաշիւ հարցուիլը շատ աւելի դիւրին է»:
«Թաւշեայ յեղափոխութիւնները եկեղեցիները կը տեսնեն ընդդիմադիր եւ կը ջանան զանոնք տկարացնել։ Հայաստանի պարագային ալ այսպէս է եւ այս հանգամանքի ամենավառ ապացոյցներէն մին է հանրակրթական դպրոցներէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի դասաւանդութեան դադրեցումը»:
«Եթէ մէկը Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ՚որակէ սրբապիղծ, ապա հարցը այդ կէտէն սկսեալ զիս կը հետաքրքրէ»: