Թրքահայ կեանք

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը բացառիկ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ շուրջ 400 մասնակիցներով։ Վարժարանի լիսէի բաժնի հունձքը հրաժեշտ տուաւ դպրոցին, մինչ միջնակարգի շրջանաւարտներն ալ ստացան իրենց վկայականները։

«ԱՌԱՋՆՈՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԵԿՈՅԹԸ

Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը, որ առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ գլխաւորուած «Առաջնորդ»ը յաջողեցաւ համախմբել բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գումգաբուի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Նախընթաց օր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը, որով այս տարուան 13 շրջանաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։

ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ Պոլսահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն, բազմամեայ ուսուցիչ՝ Էսաեան լիսէի, բազմամեայ ատենադպիր՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, նուիրեալ մշակ՝ Ս. Մեսրոպեան աւանդին, մեկենաս՝ հրատարակութեանց, հեղինակ՝ հատորներու, բարերար՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի, Կեդրոնական եւ Մէրամէթճեան վարժարաններու, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի. Հայաստանի Հանրապետութենէն, նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի անուան շքանշանով պարգեւատրեալ՝
ՏԻԱՐ
ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ

յետ երկարատեւ հիւանդութեան 10 յունիս 2024, երկուշաբթի միջօրէին, իր հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի յարկին ներքեւ, ուր կը դարմանուէր։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ մինչ առաջին դասարանի սաները բոլորի գնահատանքին արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Էջեր