ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՑ
Մեր համայնքի անդամներուն ծանօթ է, թէ երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ընտրութիւնները կարելի չ՚ըլլար կատարել։ Այս պարագան ծնունդ կու տայ զանազան հարցերու, որոնք կը զբաղեցնեն համայնքի օրակարգը։
Պաշտօնապէս տեղեկացուեցաւ, որ «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» անուանումով որեւէ հաստատութիւն կամ միաւորում գոյութիւն չունի արձանագրութիւններու մէջ:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ յառաջացած դժուարութիւնները հնարաւորինս յաղթահարելով՝ խումբ մը հայ արուեստագէտներ համախմբուեցան՝ սատարելու համար այն երեխաներուն, որոնք քաղցկեղէ կը տառապին։ Աշխարհի զանազան երկիրներու բնակիչ հայ արուեստագէտներ «Միասին երեխաներու համար» կարգախօսով բարեգործական ծրագիր մը կեանքի կոչեցին, ինչ որ այս պահու դրութեամբ ունի կենսական նշանակութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը առկայ մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ պոլսահայ մամլոյ հաստատութիւններու գործունէութեան կայունութիւնը՝ գերադասելով համայնքէն ներս առողջ հաղորդակցութիւնը, մեր ժողովուրդը ինքնութեան արժէքներուն հաղորդ պահելը եւ մանաւանդ զգայնութիւն ցուցաբերուիլը մայրենիի օգտագործման ուղղութեամբ:
Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը երէկ լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի՝ պաշտօնէ հրաժեշտ առնելուն կապակցութեամբ։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ալիս Պայրամ յառաջիկայ շրջանին պիտի հեռանայ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնէն։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ որոշած է հեռանալ իր պաշտօնէն։ Երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Ալիս Պայրամի հետ, որ հաստատեց համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած այս լսումը։
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը այս շրջանին գեղարուեստական հետաքրքրական ծրագրի մը հետամուտ եղած է։ Այսպէս, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս պոլսահայ յայտնի մեներգիչներու մասնակցութեամբ տեսագրութիւններ եւ ձայնագրութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երէց սերունդի մեր մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Ղանդարի շուկան»։ Սա միեւնոյն ժամանակ Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի նշանաւոր Փակ շուկայի անցեալի անունն է։