«ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ԿՂԶԻՆ»
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Գնալը կղզիի մէջ կեանքի կոչուեցաւ ընկերային պատասխանատուութեան հետաքրքրական ծրագիր մը։ Այսպէս, ակումբի երիտասարդաց յանձնախումբը հանդէս եկաւ «Մաքուր պահենք մեր կղզին» կարգախօսով եւ կղզիի տարածքէն ներս կազմակերպեց աղբահաւաք։
Պայծառակերպութեան տաղաւարի շաբաթավերջի տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տարի Վարդավառի տօնը արտասովոր խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ մեր համայնքէն ներս։
Գոհունակութեամբ վերակահու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուած է Երանուհի Պալճը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկարամեայ պաշտօնավարութենէ վերջ Ալիս Պայրամ որոշած էր լքել տնօրէնուհիի պաշտօնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Վարդավառի տօնը։ Տաղաւարի հրճուանքը այս տարի արտասովոր բնոյթ ունէր, որովհետեւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ մեր եկեղեցիներէն ներս տօնակատարութիւն տեղի ունեցաւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նորոգ հանգուցեալ մտաւորականի յուղարկաւորութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցականը:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 14 յուլիս 2020, երեքշաբթի, յետմիջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին, գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի երիտասարդ մասնագէտներէն Տարօն Եէօնտէմ ստանձնած է BluTV-ի փորձագիտութիւններու տնօրէնի (CTO) պաշտօնը։ Առցանց այս հեռուստակայանը վերջերս արդէն իրականացուցած է շարժանկարի ժապաւէնի մը արտադրութիւնը։