ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երէց սերունդի մեր մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Ղանդարի շուկան»։ Սա միեւնոյն ժամանակ Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի նշանաւոր Փակ շուկայի անցեալի անունն է։
Յայտնի նկարիչը յատկանշական յուշանուէր մը տուաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր:
Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի խումբ մը սաներ, վերջերս, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Աշակերտներուն կ՚ընկերանային վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ ուսուցիչներ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Բարի լոյս» խմբակի անդամները։ Այս հանդիպման ընթացքին այցելուները ինքզինքնին ծանօթացնելէ յետոյ, իրենց կազմութեան եւ գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն տուին Պատրիարք Հօր ու խնդրեցին իր օրհնութիւնը։
Շիշլիի գերեզմանատան մէջ երախտաշատ կրթական մշակին համար ոգեկոչման արարողութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ հիւրընկալուեցան ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ ակումբի անդամներէն Զարեհ Քարաքաշ։
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է ամերիկահայ ակադեմական ու հասարակական գործիչ Առլէն Ոսկի Աւագեան։ «Առիւծ կնոջ կտակը. ամերիկահայուհիի մը ուղեւորութիւնը դէպի ֆեմինիզմ» կը կոչուի այս գիրքը, որ առաջին անգամ 1992 թուականին հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Էսաեան վարժարանի աշակերտութեան ծնողներուն անունով երկու ներկայացուցիչ նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ