ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ԲՈՂՈՔ
Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին հակազդեց «Gerçek Hayat»ի հրատարակութիւններուն դէմ:
Դիւանը վստահութիւն յայտնեց, թէ պետական պատկան մարմինները շարժման կ՚անցնին՝ մամլոյ ազատութեան չարաշահման դէմ:
Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին հակազդեց «Gerçek Hayat»ի հրատարակութիւններուն դէմ:
Դիւանը վստահութիւն յայտնեց, թէ պետական պատկան մարմինները շարժման կ՚անցնին՝ մամլոյ ազատութեան չարաշահման դէմ:
Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն տխուր դէպք մը պատահած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին։ Այսպէս, անծանօթ մը փորձած է հրկիզել եկեղեցւոյ դուռը ու խոյս տուած։
Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը երէկ յետմիջօրէին յուղարկաւորուեցաւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ներկայ գտնուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Յարութիւն Շանլըի թաղման կարգին, որ կատարուեցաւ համաճարակի պարտադրանքներուն համապատասխան:
Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝
ՏԻԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ
6 մայիս, չորեքշաբթի առաւօտ իր հոգին աւանդեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը դարմանուէր քորոնաժահրէն վարակուած ըլլալով։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ան վարակուած էր քորոնաժահրով ու երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար դարմանման տակ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական կեանքի երախտաշատ անուններէն Սեդրակ Էօզսան։ Ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով իր բնակարանին մէջ։
Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած օժանդակութեան աշխատանքները տակաւ կը շարունակուին։ Այս առումով պատրաստուած օժանդակութեան ծրարի թիւը հասաւ երկու հազարի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն մին՝ Ժիլտա Մուրատօղլու։ Ան կողակիցն էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին հոգաբարձուներէն, երէց սերունդի յայտնի ազգային գործիչ Հարիթոն Մուրատօղլուի։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Աշխարհի վրայ կան երկիրներ, որոնց վարիչները եւ հայրենակիցները ունին հպարտութեամբ տօնելի յաղթանակի օրեր։ Յաղթանակներ, որոնք իսկութեան մէջ հանգրուաններ են, ուր ակնբախ կերպով կը նշմարուի, թէ ինչպէս փոփոխութեան ենթարկուած է պատմութեան ընթացքը։ Այդ բոլորը ճակատագրական պահեր են եւ բոլորը ունին իրենց հերոսները, որոնք կամ աննկատ թողլով իրենց գլխուն վերեւ կախուած Դամոկլեան սուրը, լծուած են գոյապայքարի մղման եւ կամ զոհած՝ իրենց կեանքերը վասն սրբազան նպատակի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ՝
ՏԻԱՐ ԿԱՐՊԻՍ ՇԵՀԻՐՄԱՐՏԻԿՕՂԼՈՒ
Տասնամեակներ առաջ ան հաստատուած էր Ֆրանսա եւ զբաղած՝ զգեստներու արտադրութեամբ։ Իր հեզահամբոյր նկարագիրով յարգանք ու համակրանք կը վայելէր ընկերային շրջանակին մէջ։