ՄԻԱՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԼՈՅՍԻՆ
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հուսկ բանքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին. «Որպէս Պոլսոյ պատրիարք՝ հպարտ եմ, թէ Պոլսոյ համայնքի ծոցէն դուրս եղած արժէք մը հարիւր տարի յետոյ այսօր կրկին հրապարակ կը դրուի եւ յօգուտ ամբողջ հայութեան վերստին կը մատուցուի»:
«Կը շնորհաւորեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագիր պարոն Արա Գօչունեանին, որ ընտանեկան ժառանգը կը կրէ մինչեւ այսօր, թոյլ չէ տուած, որ գանձ մը գրադարաններու փոշոտ դարակներուն մէջ մնայ, այլեւ՝ նորոգուի, վերահրատարակուի եւ մեր այսօրուան ժողովուրդի պէտքերուն համար մատակարարուի։ Շնորհակալութիւն նաեւ Վեհափառ Հայրապետին»: