ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՍԱՏԱՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սատարողները։
Կէտիկփաշայի Հրանդ Տինք դպրոցը կը տոկայ՝ հակառակ քորոնաժահրի համավարակի դժուարութիւններուն:
Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան դարմանում կը տեսնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Երէկ, ժամը 13.30-ին, Հանրապետութեան նախագահութեան դիւանապետներէն Հասան Տողանի հիւրընկալութեամբ՝ հայ, յոյն, ասորի եւ հրեայ համայնքներէ երիտասարդներ ընդունուեցան Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Սոյն հանդիպման յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցան, Պատրիարքարանի «Մենթի-Մենթոր» ծրագրէն 14 երիտասարդներ՝ առաջնորդութեամբ ծրագրի վարիչներէն Մերի Թաքսի Տեւէճեանի եւ Արաս Եոլուսեւէրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն ընկերացաւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։
Պրուսայի մէջ հին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիի մը վաճառքի հանուած ըլլալու վերաբերեալ լուրերը վերջին օրերուն արձագանգ գտած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ եւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Պատրիարքական Աթոռն ալ երէկ արձագանգեց այս հարցին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, 18 յունուար 2021 թուակիր նամակով մը ցաւակցութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Ոչ եւս է Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի բազմամեայ եւ նուիրեալ սպասաւորը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը 2020 թուականի յունուարի 11-ին ունեցած էր իր 85-րդ գահակալը՝ յանձին Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Իսկ երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութեան առաջին տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։
Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան առաջին տարեդարձն է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ ան բոլորած է իր առաջին տարին եւ այս օրուան դրութեամբ կը թեւակոխէ երկրորդը։ Որպէս Նուիրապետական Աթոռի գահակալ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ տարուայ ընթացքին տարածած է իր հովանին թրքահայ հաւատացեալ հօտին վրայ։