ՈՉ ԵՒՍ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ան վարակուած էր քորոնաժահրով ու երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար դարմանման տակ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական կեանքի երախտաշատ անուններէն Սեդրակ Էօզսան։ Ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով իր բնակարանին մէջ։
Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած օժանդակութեան աշխատանքները տակաւ կը շարունակուին։ Այս առումով պատրաստուած օժանդակութեան ծրարի թիւը հասաւ երկու հազարի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն մին՝ Ժիլտա Մուրատօղլու։ Ան կողակիցն էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին հոգաբարձուներէն, երէց սերունդի յայտնի ազգային գործիչ Հարիթոն Մուրատօղլուի։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ՝
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացաւ ընկերային ցանցերու «աստղ»երէն Մուրատ Էօվիւչի դէմ, որ նախընթաց օր ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ ատելութեան պատգամներ հրապարակած էր եւ տեղի տուած՝ համայնքային շրջանակներու հակազդեցութեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ վերջերս իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն մին՝ Գրիգոր Մըխճեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ իր կորուստը որոշ չափով ենթարկուած է անուշադրութեան։
Գնալըի թաղապետ Էրտալ Այտըն բացատրութիւններ տուաւ քորոնաժահրով պայմանաւորուած առկայ սահմանափակումներուն առընչութեամբ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ պոլսահայ վաստակաւոր ու երախտաշատ կրթական մշակ Ազնիւ Արթուք (Արթիք) կնքած է իր մահկանացուն։ Ան ծնած էր 1928 թուականին եւ կեանքէն հրաժեշտ առած է 92 տարեկան հասակին։