ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Եթովպական եկեղեցւոյ հիւսիսային Շոա շրջանի առաջնորդ Տ. Ապունա Քեւստոս Եպսկ. Զեքարիաս, իր հետեւորդներուն հետ, նախընթաց օր յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ուաշինկթընէն Սուրբգրոց թանգարանի տնօրէն Էնտի Նիկմանը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանի տնօրէն Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլը, որուն կ՚ընկերանար հիւպատոսարանի քաղաքական հարցերու գծով խորհրդականը։ Ամերիկացի դիւանագէտները Պատրիարքարան փութացած էին շնորհաւորելու համար Նորին Ամենապատուութիւնը եւ այս առթիւ հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու անոր հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու իր գործակից ընկերները։ Հիմնարկի վարիչները այս քաղաքավարական այցելութիւնով շնորհաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր ծանօթ ազգայիններէն Մելքոն Քարաքէօսէն, որ Սամաթիոյ պատուոյ նախագահն է։ Մելքոն Քարաքէօսէ, որ քաղաքավարական այցելութիւնով մը ներկայացած էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։
Շիշլի մարզակումբի զանազան խումբերը կը շարունակեն յաղթանակներ արձանագրել իրենց մասնակցած մրցաշարքերուն մէջ։ Ակումբի ֆութսալի կազմը վերջերս արձանագրեց ուշագրաւ վերելք մը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մենթի-Մենթոր ծրագրի գործակից երիտասարդներ՝ Մերի Թաքսի Տեւեճեան, Ժպիտ Էօղէր, Գարոլին Իւչէր Իչլիիւրէքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքն ու իր գործակից ընկերները։ Կազդուրման կայանի վարչայինները այս առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ցաւալի կորուստ մը։ Մեր մարզական աշխարհի առասպելական անուններէն մէկուն աստղը սահեցաւ՝ իսկապէս պատճառ դառնալով խոր ցաւի։ Ոչ եւս է առասպելական կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեան, որ իր նուաճած ախոյենութիւններով մեծ պատիւ բերած էր մեր համայնքին։ Ան Շիշլի մարզակումբի ամենախորհրդանշական անուններէն մին էր։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ վարժարանի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքին՝ Բաժակի օրուան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի դեկտեմբեր ամսուան երկրորդ կիրակիին տեղի կ՚ունենար Կեդրոնականի Բաժակի օրը։