ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Գալֆաեան Տան ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց 2020 թուականի գալուստը։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցան շարք մը հանդէսներ։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց 2020 թուականի գալուստը։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցան շարք մը հանդէսներ։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ 2020 թուականի տարեմուտին առթիւ կազմակերպուած հանդէսը առիթ հանդիսացաւ տօնական մթնոլորտի ստեղծման։ Ամբողջ դպրոցէն ներս բարձր տրամադրութիւնը զգալի էր։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ Կաղանդի հանդէսին առթիւ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ Նոր տարուոյ եւ Ս Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որու պատուոյ հիւրն էր Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանոր է դարձեալ։
Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ ալ կը պատրաստուինք հին տարին թաղել պատմութեան էջերուն մէջ եւ դիմաւորել՝ նորը։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։ Պատմական թաղի արարողութիւններուն նախագահեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Յայտնի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու շաբաթավերջին իր սկաւառակները մակագրեց Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լիտա Քէօսէօղլու վերջերս թողարկած է իր առաջին սկաւառակը, որ կը կոչուի «Լոյս»։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական համակարգի երախտաշատ ու փորձառու դէմքերէն Կարապետ Մխալեան։ Այս կորուստը իսկապէս յուզում պատճառած է մեր համայնքի կրթական շրջանակներուն, որովհետեւ Կարապետ Մխալեանի տխուր հրաժեշտը կը համարուի անժամանակ։
Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի կողմէ գլխաւորուած խումբը առաջին հերթին այցելեց հիւանդանոցի «Շիրինօղլու» թանգարանը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Տղաքը փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը։