ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Մարտինի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Թումա Չելիք զօրակցութեան նամակներ ուղարկեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն։ Ան այս քայլը առած է «Gerçek Hayat» պարբերաթերթին կողմէ վերջերս կատարուած հրատարակութիւններուն բերումով։
Յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ վերջերս մասնակցութիւն բերաւ կարեւոր ծրագրի մը։ Վերջին շրջանին երաժշտական աշխարհէ ներս Մարալ Այվազի աստղը կը փայլի միշտ իր խորհրդաւոր ու տպաւորիչ ձայնով։
Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին հակազդեց «Gerçek Hayat»ի հրատարակութիւններուն դէմ:
Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն տխուր դէպք մը պատահած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին։ Այսպէս, անծանօթ մը փորձած է հրկիզել եկեղեցւոյ դուռը ու խոյս տուած։
Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը երէկ յետմիջօրէին յուղարկաւորուեցաւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ:
Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ան վարակուած էր քորոնաժահրով ու երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար դարմանման տակ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական կեանքի երախտաշատ անուններէն Սեդրակ Էօզսան։ Ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով իր բնակարանին մէջ։
Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած օժանդակութեան աշխատանքները տակաւ կը շարունակուին։ Այս առումով պատրաստուած օժանդակութեան ծրարի թիւը հասաւ երկու հազարի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն մին՝ Ժիլտա Մուրատօղլու։ Ան կողակիցն էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին հոգաբարձուներէն, երէց սերունդի յայտնի ազգային գործիչ Հարիթոն Մուրատօղլուի։