Թրքահայ կեանք

ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը:
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան տեղեկութիւններ տուաւ մայրաքաղաքի 30 օգոստոսի զրոյցներուն շուրջ:

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԽՈՐԱՊԷՍ ԿԸ ՍԳԱՅ ԲԱԶՄԱՄԵԱՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Պէյօղլուի ընտանիքն ու համայնքային շրջանակները երէկ մեծ ցաւով ընկալեցին թրքահայ իրականութեան երիցագոյններէն Աբիկ Հայրապետեանի մահ-ւան բօթը։ Օրուան առաջին կէսին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն հասած տխուր լուրը անմիջապէս արձագանգ գտաւ ամբողջ համայնքէն ներս։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

ՄԵՆԵՐԳԻՉ ՊԱՐԹԵՒ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը։ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած գեղարուեստական փայլուն ձեռնարկ մը։ «Կոմիտաս Վարդապետ՝ Անլռելի զանգակատուն» խորագրեալ ձեռնարկը պատուեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու շուրջ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Առուշ Թաշն եւ իր գործակից ընկերները։ Թաղականները փութացած էին շնորհաւորելու նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնին կոչուելու կապակցութեամբ։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԻՐ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ՝ ՂԱԶԱՐՈՍ ՈՒՆԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական մրցաշարք մը։ Ակումբի նախկին երախտաշատ ատենապետ ու պատուոյ նախագահ Ղազարոս Ունանի յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ իր նմաններու շարքին հանդիսացաւ երկրորդը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԱՐԻՆ ԲԵՐԴ» ՊԱՐԱՅԻՆ ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԻՆ ՔԱՂԱՔԷՍ

Հայաստանէն «Արին բերդ» պարային համոյթը, որ վերջին օրերուն այցելեց Իսթանպուլ, այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ «Արին բերդ» պարախումբը Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ հանդէս եկաւ բացառիկ երեկոյթով մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։

ԱՆԿԵՂԾ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Լոս Անճելըսի պարգեւատրման հանդիսութիւնը վերածուեցաւ մեծ համակրանքի մը արտայայտութեան:
Մեներգչուհի Սիպիլի յանձնառութիւնը ամէնուրեք բարձր գնահատանքի կ՚արժանանայ աշխարհի հայութեան կողմէ:

ԱՐԷՏ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանը։ Արձակուրդի շրջանի աւարտին քաղաք վերադարձած ըլլալով՝ Արէտ Երկանեան փափաքած էր ներկայանալ նորին սրբազնութեան եւ շնորհաւորել՝ տեղապահի պաշտօնի ստանձնումը։

Էջեր