ԱՄԵՆ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՍՈՒԼԻՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔԷ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՀԱՄԱՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը Գումգաբուի մէջ պիտի հիւրընկալէ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները։
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը, որու ատենախօսն էր Նազար Շիկահեր։ Միութիւնը ներկայիս կազմակերպած է զրոյցներու շարք մը, որու առաջինն էր երէկուանը։
Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 16 դեկտեմբեր 2019 թուակիր ու 1838 համար հրամանագրով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արքեպս. Մաշալեանի արտօնուած է արտաքոյ եկեղեցւոյ սքեմ կրել։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան սանուց միութենէն Վարդան Պալմումճեանն ու Արսէն Գովանը։ Մխիթարեանի ընտանիքի այս երկու ծանօթ անունները փութացած էին բացատրութիւններ տալու համար միութեան վարչութեան մշակութային վերջին կարեւոր նախաձեռնութեան շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ այն ուխտաւորները, որոնք վերջերս Երուսաղէմ մեկնած էին՝ մասնակցելու համար Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ երիցագոյն մետրապոլիտներէն Քոնստանդին Հարիսիատիսը։ Ան ներկայիս ի պաշտօնէ Նիկիոյ մետրապոլիտն է։
Սանասարեան խանի համար կազմակերպուած փակ մրցոյթը օրակարգի վրայ կը բերէ մտահոգութիւններ:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութիւնը ներկայիս ձեռնամուխ եղած է՝ դպրեվանքցիներու ընդհանուր հաւաքի մը կազմակերպման։ Շուրջ տարի մը առաջ պաշտօնի կոչուած ներկայ վարչութիւնը ցայսօր բազմաբնոյթ աշխատանք տարած է համախմբելու համար հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։
Մալաթիահայերու հայրենակցական միութենէն ներս վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճիի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Տաւիտ Էվեափան, Նուպար Օփան, Առէն Տատըրօղլու, Մուրատ Չեքէմ, Մենեքշէ Տիքթաշ, Ասլին Կիւրլէրօղլու, Սարգիս Պոյաճը, Մերիէմ Տելկի, Սեսիլիա Տելկի, Արէտ Շիրին Թաթլըտիլ եւ Էլիզապէթ Փէյնիրճի։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Դանիայէն Արտաքին գործոց նախարարութեան Կրօնից եւ հաւատքի ազատութեան պաշտօնակատար Միքայէլ Սուրն ու Դանիոյ դեսպանութեան քաղաքական գործիչ Յոնաս Եազօ Սրույին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։