Թրքահայ կեանք

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺՈՂՈՎ

Պատրիարքարանի աղբիւրները կը տեղեկացնեն՝ երէկուան դռնփակ ժողովի մասին.-

Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ՝ Կրօնական ժողովի անդամներու եւ համայնքային ու թաղային մարմիններու ատենապետներու մասնակցութեամբ 18 փետրուար 2020-ին կայացած խորհրդակցական հանդիպումին կազմուած Կեդրոնական սեղանը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, երէկ, յետմիջօրէին ունեցաւ իր անդրանիկ հանդիպումը՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։

ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲԻ ՄԷՋ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՐՔԻ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ «Արարատի եւ Անիի մոռցուած երեսը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը եւ ներկայացուեցաւ համանուն գիրքը։ Հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մշակութային գործունէութիւններու երրորդն էր այս մէկը։

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Նորաստեղծ Կեդրոնական սեղանին շուրջ վաղը պիտի գումարուի անդրանիկ ժողովը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Գումգաբուի մէջ սկիզբ կ՚առնէ ճակատագրական աշխատանք մը, որու յաջողութիւնը կրնայ պայմանաւորել թրքահայ համայնքային կեանքէ ներս վերելքի շրջան մը:

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏՔԹ. ՆՈՐԱ ԹԱԹԱՐԵԱՆԻ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը, որու ատենախօսն էր Տքթ. Նորա Թաթարեան։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ։

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի «Միտի» կազմը վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցիները արդէն եղանակի առաջին կէսը աւարտած են իրենց պայքարած դասաւորման մէջ եւ արդիւնքը բաւական փայլուն է։

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էին Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։

ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նշան Սրկ. Չալկըճեանի գլխաւորութեամբ։

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ՝ ԶԱՆԱԶԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԷ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ ընդհանուր քննարկում մը տեղի ունեցաւ՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու մասնակցութեամբ։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը կը հետապնդէր անդամներու պահանջներուն եւ մօտեցումներուն վերահասու դառնալու նպատակը։

Էջեր