ԱԼԻՍԻԱ ՕՀԱՆԵԱՆ ՉԱՔԸՐ ԱՒԱՐՏԵՑ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Ալիսիա Օհանեան Չաքըր Գանատայի մէջ աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը։ Վերջին տարիներուն Մոնրէալի մէջ ան կը յաճախէր «Մաք Կիլ» նշանաւոր համալսարանը։
Նորընտիր տեղապահը առաջին պատգամը տուաւ Գնալըի մէջ. «Սէրը չկորսնցնենք իրարու նկատմամբ»
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ կէսօրուան ժամերուն հասաւ Իսթանպուլ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը հերթական անգամ կը հիւրընկալէ մեր մանուկները:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով յիշատակուեցաւ կղզիի նահապետ, եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Դիոնէսիոս Ա. Քահանայ Ճիզմէճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 5 յուլիս 2019, ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի։
Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնն է։ ԱՄՆ-ի անկախութեան 243-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս մէջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Իրականութեան մէջ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը տեղի պէտք է ունենար անցեալ շաբաթավերջին, սակայն ընտրութիւններուն բերումով անոնք յետաձգուեցան շաբաթ մը եւ տեղի ունեցան երէկ։
Հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ մեր երիտասարդ կրթական մշակներէն Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիրի աշակերտները ուսումնական կեանքէ ներս կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիր աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Տարրաբանութեան բաժինը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու խորագիրն է՝ Değabah Seçim Tarihi Üzerine Bir Açıklama։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նորին սրբազնութեան յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը