ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Պէզճեան Մայր վարժարանի երդիքին տակ Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիր ելոյթ մը ունենալով աշակերտներուն հերթական անգամ յիշեցուց հայ տառերու, լեզուի եւ մշակոյթի կենսական նշանակութիւնը։