ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ՝ ԱՆԴԵՆԱԿԱՆԷՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
2019-ի Ս. Յարութեան տաղաւարին վերանորոգութեան եւ թարմ կեանքի խորհուրդներուն առընթեր, համայնքային կեանքէ ներս զգացինք նաեւ սուգի ներկայութիւնը։ Բարեկենդանի յաջորդող օրերուն պոլսահայ հաւատացեալներ, Պատրիարքական Աթոռոյ 84-րդ գահակալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանմամբ, իրենց մօտ գտան ազգային սուգի եւ ազգային կորուստի գաղափարը։
Ս. Զատկի տօնին առթիւ, երէկ, համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները այցելեցին Պատրիարքարան։ Տօնական շրջանին այս աւանդական այցելութիւնով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ Գումգաբուի մէջ։
Երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի տօնակատարութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ այս առթիւ սարքուեցաւ տօնական ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցեցան մնայուն բնակիչներն ու ամբողջ անձնակազմը։
Իսթանպուլի Մարզական տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքէն փայլուն յաջողութեամբ դուրս եկաւ Էսաեան վարժարանի խումբը։ Լարա Սալպանօղլու, Մարէն Նալճը եւ Մելիս Պուլկուր այս մրցաշարքին մէջ ներկայացուցին Էսաեանը եւ նուաճեցին առաջնութիւն։
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան, Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան եւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «3x3» ֆութսալի մրցաշարքը, որ ձօնուած էր Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։ «Րէիս» ծածկանունով Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեան եղած էր ակումբի անմոռանալիներէն։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Աթոռին տրուած շնորհաւորական այցելութիւնները։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ փութացած էր մեր համայնքին Ս. Զատիկը շնորհաւորելու։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այս առաւօտ Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու։ Յունաց Պատրիարքը Ս. Զատկի կապակցութեամբ ջերմ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց մեր համայնքին՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի անձին մէջ։ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին կ՚ընկերանար միաբան հայր սուրբ մը։
Թրքահայութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարը տօնախմբեց աւանդական շուքով. մեր բոլոր եկեղեցիները լեցուն էին հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Սիրեցեալ Ժողովուրդ մեր,