ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ 84-րդ գահակալի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ կիրակի:
Համայնքային շրջանակները զօրակոչի ենթարկուած են կազմակերպչական աշխատանքներուն համար: Կրօնական ժողովի շաբաթավերջի արտահերթ նիստը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր. մշակուեցաւ սուգի շրջանի ճանապարհային քարտէսը։ Խորհրդակցական մարմնի երէկուան ընդլայնուած կազմով ժողովին զուգահեռ կազմուեցաւ կարգադիր յանձնախումբ մը՝ ատենապետութեամբ Մելքոն Քարաքէօսէի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ պիտի փութան քաղաքս։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այս հինգշաբթի պիտի ժամանէ Իսթանպուլ։ 17 մարտին ամբողջ թրքահայութիւնը ժամադրուած է Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Թրքահայ համայնքը կը սգայ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր անժամանակ կորուստը. 63 տարեկան:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարքին վախճանման կապակցութեամբ հեռաձայնով կապ հաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիսկոսին խոր ցաւով տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան այսօր կէսօրուան ժամերուն վախճանած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը գտնուէր վերջին տարիներուն։
Երէկ երեկոյեան ամերիկահայ յայտնի երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան ելոյթ մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի զուարճախօսութիւնը։
Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի լիկէոնի բաժինը 25-28 փետրուար 2019 թուականերու միջեւ, օգտուելով նաեւ Բարեկենդանի արձակուրդէն, կատարեց քառօրեայ պտոյտ մը դէպի Վենետիկ: Աւելի քան վաթսուն մխիթարեանցի աշակերտներէ բաղկացեալ խումբը կը գլխաւորէր տնօրէնուհի Եւա Օրագեան: Աշակերտներուն կ՚ընկերակցէր նաեւ չորս ուսուցիչ:
Նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեան վաղը իր առաջին ցուցահանդէսը պիտի բանայ քաղաքիս մէջ՝ 8 մարտի առթիւ:
Համաշխարհային կանանց օրուան՝ մարտի 8-ի սեմին Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը։ Որպէս ատենախօս ընտրուած էին Մայր վարժարանէ շրջանաւարտ հինգ կանայք, որոնք յաջողութեան հասած են իրենց ասպարէզին մէջ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր Մեծ պահքը միասնաբար ողջունեցին՝ սուրբգրային սերտողութիւններու մասնակիցները։ Եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հաւաքոյթ մը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ մասնակցութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ Բարեկենդանի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան սաներուն համար։