ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱՑՈՒՄ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգախումբը արդէն բացաւ նոր եղանակը։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 շրջանի առաջին հաւաքը, որու ընթացքին դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան իր օրհնութիւնը տուաւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ 2024-2025 կրթական շրջանը սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Վերամուտը միաւորեց դպրոցի կրթական մշակներն ու սաները, որոնց թիւը այս տարի 54 է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպան Ճիորճիօ Մարափոտին, որուն կ՚ընկերանար դեսպանութեան քաղաքական նիւթերու գծով խորհրդատուն։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2024-2025 ուսումնական շրջանի վերամուտին երախտագիտութեան տուրք մատոյց խումբ մը նուիրեալ դէմքերու, որոնք թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն տեղ ապահոված են իրենց ներդրած ջանքով եւ եռանդով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց տարուան վերջին տաղաւարը՝ Խաչվերացը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։
Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Ճուլի Իտէ երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, աւագ հիւպատոս Իտէ կէսօրուան ճաշի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային թերթերու գլխաւոր դէմքերուն հետ։
Ողջունելի ձեռքբերում. Ռոպէր Քոփթաշ ընթերցասէրներու դատին կը յանձնէ իր անդրանիկ վէպը:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2024-2025 ուսումնական շրջանը։ Վերամուտի հանդէսի մթնոլորտը համազօր էր տօնախմբութեան:
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս ամսավերջին Պէյօղլուի «Öktem Aykut» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յայտնի նկարիչ Արէտ Կըճըրի ցուցահանդէսը։ Սեպտեմբերի 25-ին պիտի սկսի ձեռնարկը, որ կոչուած է՝ «Պատկերէն անդին»։
Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ այլ պատասխանատուներ մասնակցեցան քաղաքապետարանի հանդիպման։