Թրքահայ կեանք

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ լուսահոգի ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան:

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Աւանդական դառնալու վրայ է այս ծրագիրը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու հետ էին նաեւ այլ հոգեւոր հայրեր։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԳԻՆԵՁՕՆ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Patrik Avedis'in Gizemli Yaşamı» գիրքին շնորհանդէսը։
Հանդիսութեան ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ 

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀԻՒՐԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեանը, Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանը։

ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան, Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԳՆԱԼԸԻ ՆԱԽԱՃԱՇԸ

Երէկ առաւօտ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ նախաճաշ մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ։ Ֆէրիգիւղի տիկնանց կազմին կողմէ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 120 հոգի։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԸՆԹՐԻՔ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Գնալը կղզիի լողաւազանը, ուր հիւրընկալուեցաւ փրոֆ. տքթ. Էմրէ Պուչքինի գլխաւորած վարչութեան կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեսրոպաշունչ երգեր» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս առթիւ հանդէս եկաւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեան։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԷՐՄԷՍ ՄԸ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ՊԱՐԵՐ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնակատարութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագը եւ խաղողօրհնէքը համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ։

Էջեր