ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը յաւակնոտ մեկնարկ մը ըրաւ 2023-2024 եղանակին։ Շիշլիցիները, որոնք վերջին երկու տարիներուն ախոյենութիւն տօնեցին, ներկայ շաբթուան առաջին կէսին Իւրկիւփ մեկնած էին՝ նոր եղանակի սկզբնական փուլի հանդիպումներուն առթիւ։