Թրքահայ կեանք

ԱՂԷՏ ԵՒ ՏԱՂԱՒԱՐ…

Տարեսկիզբի սարսափելի երկրաշարժով ցնցուած Վաքըֆլըգիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան տարեկան անուան տօնախմբութիւնը փայլուն անցաւ:
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհած հովուական այցելութիւնը խրախուսեց գիւղացիները եւ ամրապնդեց վերականգնման յոյսերը:

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Գնալը կղզիի մէջ, երէկ յետմիջօրէին, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ ձեւաւորուած մարզական աւանդութիւնը ունեցաւ իր հերթական շարունակութիւնը։ Այսպէս, կղզիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Թաքսիմ-Սահակեան ֆութպոլի հանդիպումները։

ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հովուական այցելութիւն կու տայ դէպի Թուրքիոյ հարաւը:
Տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին հասնելէ առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը զանազան հանդիպումներ ունեցաւ Մերսինի մէջ:

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մենք հայ երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու շարքի հերթականը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս արժանացան բոլորի ծափահարութիւններուն։

ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանին երէկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին կողմէ։ Յուշանուէրը յանձնեց համոյթի անդամներէն Սարգիս Մենշուր, որ կը բնակի Երեւանի մէջ։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐ ԱՅՑԵԼԵՑ

Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Տիարպաքըր։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրէն ներս՝ յարակից Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մատրան նորակերտ խորանի օծումը։

ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի ալ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուած է Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ։ Ամրան շրջանին կը համընկնի այս կարեւոր տաղաւարը, որու իմաստը եւ առթած հոգեւոր ուրախութիւնը կը բազմապատկուին աւանդական խաղողօրհնէքով։

ՄԱՐԱԼՑԻՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի անդամները, որոնք այս շրջանին մեկնած են Հայաստան։ Մարալցիները, որոնք Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման ելոյթ ունենալու համար Հայաստանի մէջ կը գտնուին, ուխտի այցելութիւն մը տուին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին, որու խորախորհուրդ մթնոլորտի իսկական ներշնչման առիթ մը դարձաւ իրենց համար։

Էջեր