ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻ ՀՐԱՒԷՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Փարոս» պարբերականի ու հրատարակչատան տնօրէնուհի Մայտա Սարիսը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Փարոս» պարբերականի ու հրատարակչատան տնօրէնուհի Մայտա Սարիսը։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է պոլսահայ արդի գրականութեան անմոռանալիներէն Երուանդ Կոպէլեանի բանաստեղծութիւններու թրքերէն ժողովածուն՝ «Keşke…» անունով։
Շիշլի մարզակումբը հետեւողական քայլեր կ՚առնէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու նպատակով։ Ֆութսալի մարզաձեւին մէջ ալ շիշլիցիները ներկայիս նոր ոստում մը կ՚ընեն՝ երիտասարդ մարզիկներու պատրաստութեան ճանապարհին։
Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց Էսաեան վարժարանի երախտաշատ հիմնադիրները՝ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեանցիներուն համար երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած աւանդութիւն է՝ վարժարանի հիմնադիր բարեյիշատակ եղբայրներու վերյիշումը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ՝ Ամանորի առթիւ վիճակահանութիւն մը, որու հասոյթը այս տարի կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը։
İFSAK-ի հաւաքատեղիին մէջ վաւերագրական դրուագներու ցուցադրութեան եւ ասուլիսի երեկոյթ:
Լուսանկարիչ Նուրան Աքքայայի ալպոմին գործերը արժեւորուեցան՝ հոծ թիւով գեղարուեստասէրներու մասնակցութեամբ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ս. Ծննդեան եւ Աստուծայայտնութեան տօնին առթիւ ընդունեց Էսաեան լիսէի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը։
Այսպէս, ընդունելութեան սկիզբին յանուն Պատրիարքական Աթոռի անձնակազմին խօսք առաւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ ուրախութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան չորրորդ տարեդարձին համար։
Այսօր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան տարեդարձն է։ Իր արդէն չորրորդ տարին է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ 2019 թուականի պատրիարքական ընտրութեան նախորդած՝ ալեկոծումերով, ցնցումերով ու տագնապներով բնորոշուած աւելի քան տասն տարիներու ժամանակաշրջանէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահ բարձրացած էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս համատարած ուրախութեան մթնոլորտով։
Պատրիարքարանի մէջ երէկ ընդունուեցան պաշտօնական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու շնորհաւորական այցելութիւնները:
Սահակ Սարգսեան, որ քաղաքէս ներս առաքելութեան ժամկէտը աւարտելու վրայ է, վերջին անգամ Գումգաբու այցելեց տաղաւարի առթիւ: