Թրքահայ կեանք

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ քարոզեց։ Սոյն արարողութիւնը յատկանշական էր, որովհետեւ նշուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակը։

ՀՈՎԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԱԼԻԱ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Անթալիա՝ կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն հետ համախմբուելու նպատակով։ Հայր սուրբին ընկերացան Արտէն Միւճերրեթօղլու եւ Յովհաննէս Մուրատեան։

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ներկայ տարուան սկիզբի աղէտալի երկրաշարժերէն ետք Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի նախաձեռնած օգնութեան արշաւի մասնակիցներուն վկայականներու եւ շնորհակալագրերու յանձնման հանդիսութիւնը։

ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համակուած էր տօնական տրամադրութեամբ։ Էսաեանցիներու հաւաքը այս տարի արտասովոր ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ, որովհետեւ համաճարակի սահմանափակումներու հետեւանքով երեք տարուան ընդհատումէ վերջ առիթ հանդիսացաւ աննախընթաց խանդավառութեան։

ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ՝ ԱՐԴԷՆ 30-ՐԴ ԱՆԳԱՄ

Երէկ, Գարակէօզեան Տան մարզասրահի երդիքին տակ սկսաւ «Ռուբէն Սէմէրճեան» պասքեթպոլի մրցաշարքը։ Այս տարի 30-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս միջմիութենական ձեռնարկը, որով կենդանի կը պահուի նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ պասքեթպոլի ռահվիրաներէն հոգելոյս Ռուբէն Սէմէրճեանի յիշատակը։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական հանդիսութիւն մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Ուսուցչական կազմը վերահսկած էր՝ աշակերտներու կողմէ գործադրուած ծրագրին պատրաստութիւնը։

ՈՉ ԵՒՍ Է ԳԷՈՐԳ ՉԱՂԼԸՉՈՒՊՈՒՔՃՈՒ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յարգուած եւ համակրանքի առարկայ դարձած վարչայիններէն Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։ Ուղեղային խռնում մը անցուցած ըլլալով ան միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։

ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆԵՐ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը երէկ պաշտօնապէս հրապարակեց Էսաեան վարժարանի նոր տնօրէնուհիներուն անունները։ Այսպէս, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան հաղորդեց, որ յառաջիկայ կրթական շրջանէն սկսեալ լիսէի բաժնի տնօրէնուհին պիտի ըլլայ Տենչա Չընար, իսկ միջնակարգի բաժնինը՝ Առլին Եշիլթեփէ։

Էջեր