ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑԱՆԿԱԳՐՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանէն մասնագէտներ կը շարունակեն Թուրքիոյ գրադարաններէն ներս աշխատանք տանիլ՝ իրենց պրպտումները կեդրոնացնելով հայ գրքի ու տպագրութեան պատմութիւնը կատարելագործելու առաջադրութեամբ։
Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումերով՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի օգնական Նունէ Շահումեան վերջերս շուրջ երեք շաբթուան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը արդէն 58 տարեկան է։ Երկու տարիէ ի վեր դժբախտաբար կայանը փակ է՝ շէնքի ամրակայման անհրաժեշտութեան առումով։ Ատենապետ Սարօ Պենկլեանի կողմը գլխաւորուած խնամատար մարմինը այդ աշխատանքները յառաջ կը տանի համագործակցելով Գարակէօզեան տան խնամակալութեան հետ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած է յոբելենական երեկոյթ մը։ Կղզիի զբօսարաններէն մէկուն մէջ սարքուած ընթրիքին պատուոյ հիւրը եղած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ կարգ մը հոգեւոր հայրերու։
Պոլիսէն հասած մեծանուն երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճանի ծննդեան 95-ամեակին ձօնուած փաստավաւերագրական ժապաւէնը երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին, ուր թէկուզ իր բացակայութեամբ, սակայն ժապաւէնի ցուցադրութեամբ նշուեցաւ Յովհաննէս Չեքիճեանի յոբելեանը։
«Եւ եկաւ Յովհաննէսը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի հեղինակը՝ Լիլիթ Մովսիսեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ քաղաքս կը գտնուի, ջերմօրէն կը հիւրընկալուի համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Պոլիսէն հասած մեծանուն խնբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ արտադրուած յոբելենական ժապաւէն մըն է այս մէկը։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն:
Երեւանի մէջ արդէն եզրափակուած է Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը։ Շաբաթավերջին, Մատենադարանի երդիքին տակ հայ եւ օտար գիտնականներուն զեկուցումներով աշխատանքը ընթացաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Մատենադարանի երդիքին տակ Հայագիտութեան միջազգային քոնկրէս: Երեւանի մէջ է նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան:
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հիւրընկալեց միջեկեղեցական հիւրեր։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական հոգեւորականներ, որոնք այցելեցին Գումգաբու։