ԳՆԴԱԿԸ ԴԱՐՊԱՍԻՆ ՄԷՋ
Այն ինչ որ կատարուած է Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրումէն առաջ՝ օր մը այդ հիման վրայ հնարաւոր պիտի ըլլայ շարունակել:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան տարեմուտի հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:
Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յովաննէս Չեքիճեան ներկայ տարեմուտին արժանացաւ երկրի բարձրագոյն կոչման։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ մաէսթրոյին շնորհուեցաւ «Հայաստանի ազգային հերոս»ի կոչումը։
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական յուշագրութիւն մը։ Աշխարհահռչակ ռուս գրող Վասիլի Կրոսմանի դէպի Հայաստան այցելութեան լոյսին տակ հեղինակած ուղեգրութեան թարգմանութիւնն է այս մէկը։
Մարդկութիւնը մեծ յոյսերով եւ դրական սպասումներով կ՚ողջունէ 2018 թուականը՝ խաղաղ երկնքի հասարակաց մաղթանքով:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առաջնագծին
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան 12-րդ համագումարը։ 1997 թուականէն ի վեր չէր գումարուեր միութեան ընդհանուր ժողովը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ Երեւան չի կրնար այլ ձեւաչափերու մէջ ստանձնել այնպիսի պարտաւորութիւններ, որոնք կը հակասեն Մոսկուայի հետ ունեցած համաձայնութիւններուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ մէկտեղուեցաւ երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան նախագահական ապարանքին մէջ ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ մամլոյ սպասաւորներուն։ Աւանդական այս հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս խրախճանքը ուղղուած էր Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներու զաւակներուն։