ՔԱՎԱԼԱ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Գործարար ու հասարակական գործիչ Օսման Քավալա ձերբակալուեցաւ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ձեռնարկուած հարցաքննութեան ծիրին մէջ։ 19 Հոկտեմբերին ան առնուած էր հսկողութեան տակ։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպուած յանցագործութիւններու բաժանմունքը Քավալան հսկողութեան տակ առած էր ՖԵԹԷՕ-ի 17-25 Դեկտեմբերի դաւադրանքներուն եւ 15 Յուլիսի պետական հարուածի փորձին բերումով ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի պարգեւատրման արարողութիւնը՝ Ազնաւուրի ընտանիքի կողմէ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն հրեաներու եւ միւս ժողովուրդներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերու համար։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ եւ ԱՐՏ PR ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Կիւմրիի Ս. Աստուածածութիւն (Եօթ Վէրք) եկեղեցւոյ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի բացառիկ համերգը։
Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին կապակցութեամբ Ռուսաստանի մէջ Նոյեմբերի 15-23 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մշակոյթի օրեր։
Հայաստանի մէջ կը նորոգուի Արտաւազիկ եկեղեցին, որ կառուցուած է 7-րդ դարուն։ Ան կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղին մէջ։ Այստեղ վերականգնման աշխատանքներ առաջին անգամ կ՚իրականացուին։
29 Հոկտեմբերի առթիւ Հանրապետութեան նախագահին տանտիրութեամբ պաշտօնական ընդունելութիւն:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը վաղը կը դառնայ 94 տարեկան։ Այս շաբաթավերջին ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
Սպանիոյ իրադարձութիւնները ներկայիս կը բնորոշեն Եւրոպայի օրակարգը։ Միջոց մը առաջ տեղի ունեցած հանրաքուէի հիման վրայ Քաթալոնիա երէկ հռչակեց միակողմանի անկախութիւն։ Այսպէսով Սպանիոյ մէջ նոր հարթութիւն մը թեւակոխեց պառակտման տագնապը։