ԿԻՒՄՐԻԻ «ՎԱՐԴԱՆ ԱՃԵՄԵԱՆ» ԹԱՏՐՈՆԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ 152-ՐԴ ԹԱՏԵՐԱՇՐՋԱՆԸ
Կիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը 152-րդ թատերաշրջանի բացումը կ՚ազդարարէ Սեպտեմբերի 23-ին՝ Վեպերի «Առնէտները» ներկայացմամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին բացատրութիւններ տուած են թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Լուտվիկ Յարութիւնեան եւ տնօրէն Տիգրան Վիրաբեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ, Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալած է «Նոր ալիք 2017» մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած եւ յաղթանակներով վերադարձած երգչուհիներ Էռնա Միրզոեանը (Էռնա Միր) եւ Սուզաննա Մելքոնեանը:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Նիւ Եորքի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման:
Երեւանի մէջ Համահայկական 6-րդ համաժողովը այսօր կ՚եզրափակէ իր աշխատանքները:
Երեւանի մէջ Համահայկական 6-րդ համաժողովը աշխատանք կը տանի «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» կարգախօսով:
Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի գծով քննարկումներ՝ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէ Նիւ Եորք։ Երէկ, Համահայկական 6-րդ համաժողովի առաջին օրուան աշխատանքներուն մասնակցելէ վերջ, Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս Հինգշաբթի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ամենարիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ այս երկկողմանի կարեւոր տեսակցութիւնը։