«ԷՐԵԲՈՒՆԻ-ԵՐԵՒԱՆ 2799»
Հոկտեմբերի 7-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ համաքաղաքային շաբաթօրեակ՝ «Էրեբունի-Երեւան 2799»ին ընդառաջ։
Հոկտեմբերի 7-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ համաքաղաքային շաբաթօրեակ՝ «Էրեբունի-Երեւան 2799»ին ընդառաջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Թեհրան։ Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է իր ուղեւորութիւնը, որուն ընդառաջ Թեհրանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Նալպանտեան եւ Հան բանակցութիւններէն վերջ հանդէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։
Երէկ, Սպանիոյ ինքնավար շրջաններէն Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ։ Բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հանրաքուէն։ Սպանիոյ ղեկավարութիւն օրեր առաջ արդէն ապօրինի հռչակած էր այս քուէարկութիւնը։
Աւանկարտ եւ փոսթ-մոտեռն նկարչութեան հետեւորդ լեհ յայտնի նկարիչ Հենրիք Չեշնիքի «Վտանգաւոր խաղեր» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը ներկայացուի հայ արուեստասէրներուն։ Ան կը բացուի Հոկտեմբերի 5-ին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։
«Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային երրորդ փառատօնի երկու մրցութային՝ կարճամեթրաժ եւ լիամեթրաժ ծրագրերուն մէջ ընդգրկուած են 30 ժապաւէն՝ 25 երկրէ։ Շարժապատկերները այս տարի ընտրուած են փառատօնի ստացած շուրջ 1650 յայտրէն։ Փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբերի 1-5 թուականներուն միջեւ Երեւանի եւ Արագածոտնի մարզի Ուջան գիւղին մէջ։
Հայաստան եւ Չինաստան կ՚ընթանան սերտ համագործակցութեան հաստատման ճանապարհով:
Փեքինէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ:
Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի լոյսին տակ նոր հորիզոններ կը ստեղծուին՝ հարցերուն համար:
Խաժակ Սրբազան. «Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքը աւելի աշխուժացած եւ կազմակերպուած է»:
Ֆրանսայի մէջ գտած են մերկ կնոջ պատկերով գծանկար մը, որ, ինչպէս կ՚ենթադրեն փորձագէտները, կրնայ ըլլալ Լեոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզա» նկարի ուրուանկարը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ածուխով գծուած դիմանկարը յայտնի է որպէս «Մոննա Վաննա»։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին տարածքաշրջանի խնդիրներուն շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ ԱՆգարայի մէջ հիւրընկալեց իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը: