ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Երէկ, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովը։ Սոյն գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարները առանձնազրոյցներ ալ ունեցան իրարու հետ։
Երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ յետոյ կեանքի 81-րդ տարիին մահացած է Կ. Ստանիսլաւսկիի անուան ռուսական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Գրիգորեան։
Հնդկական Sommelier գինիի ամսագիրը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ գինեգործութեան՝ դարերու խորքէն եկող աւանդոյթներուն եւ ներկայ միտումներուն։
Ամենայն սրբոց տօնին օրը Նիւ Եորքի մէջ արիւնալի դէպք մը պատահեցաւ. 8 զոհ եւ 15 վիրաւոր:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ Ալիեւ դարձեալ կանգ առաւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ, ուր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս կը մասնակցի կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի 39-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի պարգեւատրման արարողութիւնը՝ Ազնաւուրի ընտանիքի կողմէ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն հրեաներու եւ միւս ժողովուրդներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերու համար։