ՄԻՇՏ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Անգարայի ղեկավարութիւնը Ապրիլի 24-ին ընդառաջ խիստ ոճով հանդէս կու գայ Երեւանի հասցէին:
Էրտողան եւ Չավուշօղլու հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը Ապրիլի 24-ին ընդառաջ խիստ ոճով հանդէս կու գայ Երեւանի հասցէին:
Էրտողան եւ Չավուշօղլու հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ի գործ կը դնէ վստահութեան ձեւաւորումը մերժման քաղաքականութիւն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սէյրան Օհանեան դիտել տուաւ, թէ խաթարելով բանակցային խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ Ատրպէյճան դարձեալ գործի կը դնէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, սպառազինութիւններու մրցավազքը եւ կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման դրութիւնները մերժելու ուղղեալ քաղաքականութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախագահները անդրադարձան «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ համագործակցութեան ընթացքին։