ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԱԶՈՎ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Դէպի Գորիս ճանապարհին էր, որ Մհերը իր հայեացքը սարերուն ուղղելով հարց պիտի տար.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Դէպի Գորիս ճանապարհին էր, որ Մհերը իր հայեացքը սարերուն ուղղելով հարց պիտի տար.
Երէկ, Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալած է «Նոր ալիք 2017» մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած եւ յաղթանակներով վերադարձած երգչուհիներ Էռնա Միրզոեանը (Էռնա Միր) եւ Սուզաննա Մելքոնեանը:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Նիւ Եորքի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Էրտողան. «Հարաւային Կովկասէ ներս պէտք է վերականգնուի Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման:
Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները մինչեւ յառաջիկայ գարուն Երեւանի կողմէ պիտի յայտարարուին առ ոչինչ: Սերժ Սարգսեան բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին անպայման կանգ կ՚առնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ:
Երեւանի մէջ Համահայկական 6-րդ համաժողովը այսօր կ՚եզրափակէ իր աշխատանքները:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Հայերը իրաւունք չունին իրարմէ նեղանալու»:
Երեւանի մէջ Համահայկական 6-րդ համաժողովը աշխատանք կը տանի «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» կարգախօսով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Այս բարդ տարածքաշրջանէն ներս մենք տակաւին պարտադրուած ենք ապրելու շրջափակման տակ»:
Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի գծով քննարկումներ՝ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման մասին:
Սարգսեան. «Ոեւէ մէկը թող չմտածէ, որ հնարաւոր է կամ կարիք կայ կեդրոնաձիգ, բրգաձեւ կազմակերպութիւն մը ստեղծելու»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէ Նիւ Եորք։ Երէկ, Համահայկական 6-րդ համաժողովի առաջին օրուան աշխատանքներուն մասնակցելէ վերջ, Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս Հինգշաբթի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ամենարիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ այս երկկողմանի կարեւոր տեսակցութիւնը։
Լոնտոնի մեթրոյէն ներս երէկ տեղի ունեցած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ահաբեկչական այս դէպքը տեղի ունեցած էր Անգլիոյ մայրաքաղաքի հարաւ-արեւմուտքի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն մէջ։