ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
«Հայաստան եւ Իրան. հողի յիշողութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանի Պատմութեան եւ Իրանի Ազգային թանգարաններու համաժամանակեայ (Ք. Ա. 4-րդ հազարամեակէն մինչեւ Ք. Ա. առաջին դար) նմոյշներ։ Իրանի Ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 2018 թուականի Յունուարի 17-ը։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ անմիջապէս լուսաբանութիւն մը հրապարակեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի վերջին յայտարարութիւններուն շուրջ:
Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճիհանկիրի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։
Գործարար Օսման Քավալա, որ կը գլխաւորէ «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան վարչութիւնը, հսկողութեան տակ առնուեցաւ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ։
Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վիթոլտ Վաշչիքովսքի վաղը Երեւան պիտի այցելէ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ, վերջերս, Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական երգչախումբին համերգը։
Հայ մեծ բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեանի մահուան 60-րդ տարելիցը լրացաւ Հոկտեմբերի 17-ին։
Խրիմի Սեպաստապոլ քաղաքին մէջ իրականացուած է «Խրիմի աստղ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, որու ընթացքին յաջողութութիւններ արձանագրած են նաեւ հայ արուեստագէտները։
Նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի Ժընեւի նախընթաց օրուան կարեւոր հանդիպման լոյսին տակ դրական ակնկալութիւններ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի Հայկական 4-րդ համաժողովին