Լրահոս

185-ԱՄԵԱԿ

Համբարձման տօնն ու Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան աւանդական փայլուն տարեդարձը:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեանի պատգամը ընթերցուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ:

ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՔԱՅԼ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաւէր-նամակ մը ուղարկեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ տեղեկացնելով, որ պատրաստ է Պատրիարքական Աթոռին ղեկը յանձնել իրեն: 
Վեհափառ Հայրապետը հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ երկու սրբազաններուն հետ:
Ընտրեալ-տեղապահը շուրջ տասը օրուան ընթացքին պիտի հասնի քաղաքս՝ ստանձնելու համար պաշտօնը: Պետրոս Շիրինօղլու երէկ ալ շփման մէջ էր Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ:

ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ «ՎԱՐԴԱՏՕՆ-2017»

​Սա­յաթ Նո­վա­յի յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող «Վար­դա­տօն-2017»ը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յի­սի 28-ին Թիֆ­լի­զի մէջ։ «Վի­րա­հա­յե­րու միու­թիւն»ը՝ Թիֆ­լի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին, Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, Թիֆ­լի­զի Պետ­րոս Ա­դա­մեա­նի ա­նուան պե­տա­կան տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նի եւ Վրաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պէ ա­շուղ Սա­յաթ Նո­վա­յին նուի­րուած ա­ւան­դա­կան «Վար­դա­տօն»ը:

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ կառոյցի ղեկավարութիւնը ոչ-իսլամ համայնքներու վարիչներուն հետ ճաշեցին Հաթայի մէջ: Հիւրերը այցելեցին նաեւ Վաքըֆլըգիւղ:

ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ։ Այս ե­րեք եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Պա­թու­մի մէջ, ուր կանգ ա­ռին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջոց­նե­րու եւ աղ­բիւր­նե­րու փո­խանց­ման ըն­թաց­քին անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն վրայ։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ՊԱՆՏԱՐ ԱՊՊԱՍԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԱԹԳԻԾ

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի, որ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով վե­րընտ­րուե­ցաւ, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ «news.am»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան երկ­րորդ ժամ­կէ­տին ըն­թաց­քին Ատրպէյ­ճա­նի հետ եր­կա­թու­ղա­յին գի­ծե­րու կա­ռու­ցումն ու ընդ­լայ­նու­մը կը հա­մա­րէ կա­րե­ւոր հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու շար­քին։

Էջեր