ԸՄԲԻՇ ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱՅԼՈՎ ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
Հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ երէկ հակասութիւններու օր մըն էր։ Հայաստանի հաւաքականէն ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան արծաթէ մետայլ նուաճեց, Փարիզի Ողիմպիականներուն։ Բնականաբար, Ողիմպիական խաղերուն մէջ նուաճուած արծաթէ մետայլը լուրջ ձեռքբերում մըն է, սակայն, բոլորը Արթուր Ալեքսանեանէն աւելի լաւը կ՚ակնկալէին։