ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՌԱԶՄԱԹԵՔՆԻՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ՝ ռազմաթեքնիք համագործակցութեան ուղղեալ հերթական համաձայնագիրը։ Անգարա եւ Պաքու կը շարունակեն թափով համագործակցիլ այս բնագաւառէն ներս։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս ղեկավարներու հերթական շփում:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ «Pegasus» օդային ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնուհի Կիւլիզ Էօզթիւրքի հետ։
Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանը արդէն սկսած է։ Համաշխարհային կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնէն ներս ներկայիս նոր նստաշրջանի բացման առթիւ ստեղծուած է աշխոյժ մթնոլորտ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կէսը կը բնորոշուի ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման բարձր մակարդակի իրադարձութիւններով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան համոզուած է, թէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կարեւոր բախտ մը վիճակած է։
Ամերիկահայ գիտնական, ձեռներէց եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեանի եւ ընտանիքին կողմէ հիմնադրուած համանուն՝ «Աֆէեան» հիմնադրամը ելմտական օժանդակութիւն տրամադրած է՝ Արցախէն տեղահանեալ ընտանիքներուն։
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած վերջին գիրքին շնորհանդէսները կը շարունակուին աշխարհի զանազան հայկական համայնքներէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մինչեւ սեպտեմբերի 27-ը պիտի շարունակուի իր ուղեւորութիւնը, որու շրջանակներէն ներս Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի հանդիպումներուն։
Շաբաթավերջին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս ցուցադրութեան դրուեցաւ Անահիտ աստուածուհիի պրոնզէ քանդակը, որ բրիտանական թանգարանի հաւաքածոյին մաս կը կազմէ։ Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձի օրուան զուգադիպեցաւ այս բացառիկ հնութեան ցուցադրութեան սկիզբը։