ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՍԾՏՀԿ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ հեռավար ժողով մը գումարեցին։ Սա կազմակերպութեան 48-րդ նախարարական հաւաքն էր, որ կազմակերպուեցաւ առցանց։