Լրահոս

ՀԲԸՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱԺՆԷ՝ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԺԵՆԵՐԱԹԷՕՐՆԵՐԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը բաժնէ՝ Ֆրանսայի կողմէ նուիրաբերուած ժեներաթէօրները։ Թիւով չորս՝ 100 քիլօվաթ հզօրութեամբ այս տիզել ժեներաթէօրները ապահովուած են Ֆրանսայի շարք մը քաղաքապետարաններու եւ տեփարթըմաններու գանձատրումով, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի ջանքերով։

ՃԱԶԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Միջազգային ճազի օրը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան իրերայաջորդ համերգներ։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻՆ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

2004 թուականի ապրիլի 12-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ, «կարմիր պերեթաւորները»՝ կատարելով այն ժամանակուայ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրամանը, վայրագ ձեւով յարձակեցան ցուցարարներու վրայ: Քաղաքացիները կը պահանջէին վստահութեան հանրաքուէ կատարել:

ՀՐԱՏԱՊ ՕՐԱԿԱՐԳ

Կազզէի տագնապի յաղթահարման ուղղեալ Շփման խումբը հերթական ժողովը գումարեց Ռիատի մէջ:
Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութիւնը եւ Ուքրայնայի պատերազմին ընթացքը:

ԻՎԱՆԻՇՎԻԼԻ ԼԱՒԱՏԵՍ

Վրաստանը, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացած է, այդ առումով խանդավառ շրջանէ մը կ՚անցնի եւ հեռանկարային հաշուարկներով հանդէս կու գայ։ Երկրի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, որու հիմնադիր ու պատուոյ նախագահ Պիծինա Իվանիշվիլին համոզուած է, թէ Վրաստան 2030 թուականին պիտի անդամակցի Եւրոմիութեան։

ՊԼԻՆՔԸՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքներու գործնական փուլ թեւակոխման զուգահեռ՝ Ուաշինկթըն ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը հիմք օգտագործելու յանձնառութիւնը։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան շրջանակէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտիւլռահման էլ Թանիի հետ։

Էջեր