ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ 100-ՐԴ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԱՇՐՋԱՆ
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փառաշուք համերգ մը, որ եկաւ բնորոշել Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 100-րդ համերգաշրջանի սկիզբը։ Յոբելենական այս փուլին զուգադիպեցաւ նաեւ Երեւանի 17-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի մեկնարկը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով յանձնակատար Մարթա Քոսը, որ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Յանձնակատարը նախօրէին այցելած էր նաեւ Պաքու։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Մինչ Իսրայէլ Կազզէի դէմ ցամաքային գործողութիւնները ամբողջ թափով յառաջ կը տանի, Թուրքիա միջազգային բեմահարթակի վրայ յամառ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ կասեցնելու համար ողբերգական ընթացքը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա մշտապէս կ՚աջակցի Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու հնարաւորինս արագ կարգաւորման, ինչ որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման հիմքն է։
Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբը արդէն քսան տարեկան է։ Յոբելենական համերգաշրջանն ալ ընթացքի մէջ է՝ «Արմենիա» միջազգային երաժշտական իններորդ փառատօնի մեկնարկին զուգահեռ։ Նուագախումբի տօնական համերգաշրջանը պիտի բնորոշուի բացառիկ ելոյթներով եւ նախագիծերով։
Արա Կիւլէրի թանգարանէն ներս ներկայիս բացուած է շահեկան ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի՝ «Ճշմարտութիւնը լաւագոյն լուսանկարն է»։ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս խարսխուած Արա Կիւլէրի թանգարանը այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչէ՝ համագործակցութեամբ «Robert Capa» արդի լուսանկարչութեան կեդրոնի եւ Իսթանպուլի Հունգարական մշակոյթի կաճառին հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի կը պատրաստուի այցելել Ուաշինկթըն։ Ան այս շաբթուան մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ՝ քննարկելու համար Սուրիոյ դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած վերջին պատժամիջոցներու վերացման վերաբերեալ հարցեր։