ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
Ստորեւ կը ներկայացնենք երէկ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած Հայաստան-ԱՄՆ-Ատրպէյճան եռակողմ հռչակագիրը, որու բովանդակութիւնը հրապարակուած է Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք երէկ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած Հայաստան-ԱՄՆ-Ատրպէյճան եռակողմ հռչակագիրը, որու բովանդակութիւնը հրապարակուած է Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններու լոյսին տակ Երեւան-Թեհրան առանցքը միշտ կը մնայ բանուկ։ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ բարձր մակարդակի շփումները պարբերաբար կը շարունակուին՝ նկատի ունենալով, որ տարածաշրջանի յարափոփոխ իրավիճակին մէջ երկու երկիրներու շահերը ունին լուրջ նմանութիւններ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն Ուաշինկթընի մէջ են։ Այսօր, Սպիտակ տան մէջ, անոնք կ՚ընդունուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։
«Հայճար» միութիւնը երէկ նշեց իր հիմնադրութեան 18-րդ տարեդարձը, ինչ որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակը. համահայկական համագործակցութեան լուրջ վկայութիւն։ Հայաստանի շրջանակները կ՚արժեւորեն եզակի բարձրագոյն կրթական հաստատութեան բոլորած եօթտասնամեակի ուղին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ շուտով կրնայ հանդիպում մը ունենալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որ ունէր եռօրեայ ծրագիր մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց աշխարհի շուրջ յիսուն երկիրէ աւելի քան վեցհարիւր սփիւռքահայ երիտասարդ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան-Մոսկուա օրակարգը միշտ յագեցած կը մնայ տարակարծութիւններով ու հակադրութիւններով: Հորիզոնի վրայ կ՚ուրուագծուին բարդ երեւոյթներ. Հայաստան պէտք է խուսափի Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու
վատթարացումէ, որովհետեւ կրնայ դէմ յանդիման մնալ իր որդեգրած դիւանագիտութեան կապակցութեամբ պահանջներու:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։
Անգարայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի տարեկան ժողովը՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։