Լրահոս

ՊԱՅՐՈՒԻ ԴԷՄ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը անվստահութիւն յայտնեց երկրի կառավարութեան դէմ, որու գլուխը կը գտնուէր վարչապետ Ֆրանսուա Պայրու։ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր կ՚ընդունի վարչապետ Պայրուի հրաժարականը եւ այսպէսով կը սկսի երկրի նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը։

ԵՆԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔՈՐՈՒՃՈՒԻ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Ենիգիւղի Այա Փանաիյա յունաց եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Թէոթոքիա» մշակոյթի փառատօնի շրջանակներէն ներս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։

ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ նախանշուեցան ռազմավարական համագործակցութեան ապագայ խորացման ուղիները:
Հայաստան եւ Ֆրանսա միշտ ծաւալուն արժեւորման կ՚ենթարկեն տարածաշրջանի խնդիրները. Արմէն Գրիգորեանի բազմակողմանի հանդիպումները:

ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ երէկ քննարկուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ փոխադարձ այցելութիւններ իրականացուցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքները։

Էջեր