ԴԵՍՊԱՆ ՔԸԼԸՉ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի կողմէ աղէտալի երկրաշարժէն վերջ Թուրքիոյ համար ցուցաբերուած մարդասիրական օժանդակութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ։
Հայաստան կը շարունակէ զօրակցիլ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ՝ երկրաշարժով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակի ողբերգական կացութեան ներքեւ։ Այսօր Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց Թուրքիա։
Թուրքիա կը շարունակէ մնալ երկրաշարժին պատճառած ահաւոր ցնցման ազդեցութեան տակ։ Ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է աղէտի գօտիէն հասած տուեալներուն վրայ։
Թուրքիան ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքով յառաջացած ողբերգութիւնը հետզհետէ կը բիւրեղանայ թէ՛ ամբողջ երկրին եւ թէ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ։ Զոհերու թիւը կը բարձրանայ ահագնացող չափով։
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժին եւ ծանր հետեւանքներուն պատճառած ցնցումը կը շարունակուի եւ, բնականաբար, թրքահայ համայնքն ալ անմասն չէ այդ մէկէն։
Լաչինի միջանցքը արդէն երկու ամիսէ ի վեր փակ է։ Արցախը պաշարուած վիճակի մէջ՝ կտրուած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Միջանցքը կ՚օգտագործուի շատ սահմանափակ՝ միայն Կարմիր խաչի կողմէ հիւանդներու տեղափոխութեան եւ շատ սահմանափակ մարդասիրական բեռներու համար։
Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան վերջին օրերուն մեծ պատիւի մը արժանացաւ Իտալիոյ մէջ։ Այսպէս, ան հռչակուեցաւ Ֆլորանսա քաղաքի պատուոյ քաղաքացի։
Հայաստանի փրկարարներու խումբը Ատըեամանի մէջ աշխատանքի ձեռնարկեց փլատակներու տակ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անգարա բարձր կը գնահատէ Երեւանի աջակցութիւնը՝ այս քայլը կարեւորելով նաեւ կողմերու միջեւ երկխօսութեան ապագայ խորացման տեսակէտէ: