ՄԻՒՆԻԽԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ, ԻՐԱԿԼԻ ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԱՅՍՕՐ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ
Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը, որ այս տարի 59-րդ անգամ կազմակերպուած է, այսօր կը մէկտեղէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ Համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է՝ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ ասուլիս մը։
Թուրքիոյ ազգային-եկեղեցական կեանքը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է պահու հրատապ առաջնահերթութեան վրայ՝ օգնութիւն փութացնելու համար աղէտեալներուն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Վարդանանց տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած ողբերգական իրավիճակին մէջ դրսեւորուած մարդասիրական մօտեցումը նոր նախադրեալներ կը ստեղծէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը որակապէս նոր հարթութեան մը վրայ դնելու առումով: Միջազգային դրական արձագանգ:
Երկրաշարժէն վերջ Հայաստանէն Թուրքիա եկած փրկարարներու խումբը արդէն կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը աղէտի գօտիին մէջ։ Հայ փրկարարներու ջոկատը աւելի քան շաբաթէ մը ի վերջ աշխատած էր Ատըեամանի մէջ։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին ան այցելած էր նաեւ Երեւան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը։ Կը հաղորդուի, որ հիւր նախարարին այցելութիւնը ունէր զօրակցութեան բնոյթ՝ երկիրը ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ:
Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներուն թիւը, ըստ պաշտօնական տուեալներուն, արդէն գերազանցած է 31 հազարը։ Երկրէն ներս ստեղծուած ողբերգական իրավիճակին մէջ միակ մխիթարութիւնը փրկարարներու աշխատանքին արդիւնքը կ՚ըլլայ։
Արմաղանեան. «Ընդունեցէք մեր ցաւակցութիւնները, այս ծանր վիճակին մէջ համբերութիւն կը մաղթենք»: